2016-09-29 08:12:00

Քոլոմպիայի մէջ աղօթքի օր` Կառավարութիւն-ընդդիմութիւն համաձայնութեան դիտաւորութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպիայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը, Հինգշաբթի 29 սեպտեմբեր 2016-ը հռչակած աղօթքի օր, ի տես յառաջիկայ 2 հոկտեմբերի  հանրաքուէին հայող Քոլոմպիայի իշխանութիւններու եւ Քոլոմպիայի յեղափոխական զինեալ ուժերու միջեւ ստորագրուած պատմական համաձայնագիրի վաւերացումին։

Նշենք թէ վերոյիշեալ համաձայնագիրը, որ վերջ կը դնէ 52-ամեայ քաղաքացիական պատերազմին, ստորագրուեցաւ անցեալ 26 սեպտեմբեր 2016-ին

Համաձայնագիրին ստորագրութիւնը  հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցաւ Քոլոմպիայի Քարթախենա քաղաքին մէջ ի ներկայութեան բազմաթիւ օտար հիւրերու որոնց շարքին, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Քուպայի նախագահ Ռաուլ Քասթրօ եւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, որ այս առթիւ մատուցեց գոհաբանական սուրբ պատարագ մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.